«Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն» շարքը կը ձգտի հայ գրականութեան դասաւանդումը դարձնել աւելի համապատասխան մշակութային ներկայ իրադրութեան եւ կրթական նոր համակարգերուն։ Իւրաքանչիւր դասագիրք կ’ընդգրկէ հայ նոր գրականութեան ամբողջ ընթացքը, սկիզբէն՝ մինչեւ մեր օրերը։ Ա. գիրքը (10րդ կարգ) աւելի արագ կ’անցնի առաջին սերունդներուն վրայէն եւ առհասարակ կ’ընտրէ մատչելի դէմքեր ու գործեր։ Գրական հատուածներու վերլուծումը հոս կը դառնայ դասաւանդումի հիմնական միջոց, ճաշակի ու գեղագիտական դատումի փորձադաշտ։ Գրապատմական շրջանակը կը թեթեւնայ, մանրամասնութիւնները կը զեղչուին, էականը կը պահուի. հայ գրականութիւնը, հայ կեանքի հարազատ հայելի, այդ շրջանակին մէջ լաւագոյնս կ’օգնէ մեզի՝ ըմբռնելու, ճանչնալու մեր կեանքը։ Հատուածները կը բաշխուին նաեւ ըստ գրական սեռերու եւ ըստ նիւթերու (բնաբաններու)։ Ատիկա կը դիւրացնէ ներքին յղումները, ինչպէս կարելի դարձուցած է զեղչել հատուածներու ծաւալը (բոլորն ալ՝ մէկ էջի շուրջ)։ Քանի մը ներկայացուցչական գործեր միայն ընտրուած են աւելի լրիւ քննարկուելու համար։ Գլուխ բացող էջերը, հատուած ներածող պարբերութիւնները, շրջանակեալ «Փաստաթուղթ»երը, «Վկայութիւն»ները եւն. կը պարփակեն գրապատմական նիւթերը։ «Գրական Մեթոտ»ի գլուխները կը բերեն Գրականութեան տեսութեան նախատարրեր։ «Կամուրջներ… Կապեր» մասը ակնարկ մը կը նետէ հայ գրականութեան կապերուն՝ օտար գրականութիւններու հետ, հայ գեղարուեստի այլ ճիւղերու հետ… Դասագիրքերը ունին խաչաձեւ յղումներու համակարգ, ժամանակագրական տախտակներ, եւ եզրաբանական բառարան։ Անջատաբար տրամադրելի են անոնց մանրամասն Ուղեցոյցները նաեւ անոնց եռալեզու բառարանները (հայերէն-անգլերէն-ֆրանսերէն)։ Այս վերջին գործիքը, միացած վերոնշեալ մի քանի էական յատկութիւններու, «Հայ Կեանք…
«Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն» երկրորդ հատորը կը բովանդակէ շարքի բ. եւ գ.գիրքերը, յաջորդաբար Երկրորդականի 11րդ եւ 12րդ կարգերուն համար։ Ան կը պահէ շարքի հիմնական առաջադրանքները՝ պատշաճեցում մշակութային կրթական նոր պայմաններու եւ համակարգերու. հայ գրականութեան ընկալում՝ իբր հայ կեանքի հարազատ հայելի։ Բ. Գիրքը կը հետեւի հայ նոր գրականութեան ընթացքին՝ սկիզբէն մինչեւ կենդանի այսօրը, նախորդէն աւելի լայն ընդգրկումով, բայց խուսափելով ծանրացումէ։ Հատուածները, միշտ համառօտ եւ կուռ, ա՛լ ընտրուած-դասաւորուած են ըստ գրական յատկանիշներու. անոնք կը մնան դասաւանդումի եւ գեղագիտական ճաշակի մշակման հիմնական գործիքներ։ Գ. Գիրքը (հատորի վերջին մասը), կազմուած 12րդ կարգի յատուկ պայմաններու նկատառումով, կ՛ընդգրկէ անջատ գործեր, որոնք կը քննարկուին աւելի բազմակողմանիօրէն։ Պահուած են գլուխներու սկիզբի գրապատմական ամփոփ ընդհանրութիւնները. «Գրական Մեթոտ»ի գլուխները՝ մնացեալէն անջատ ու անկախ. «Կամուրջներ… Կապեր…» էջերը. խաչաձեւ յղումներու համակարգը. ապա՝ Յաւելուածը, նոյն բովանդակութեամբ։ Ձեւաւորումի նոր տարր մըն է «Քարտարան» բաժինը, որ կը բերէ նմուշ-հատուածներ գրադատական-փորձագրական երկերէ։ Տրամադրելի կը մնան անջատ մանրամասն Ուղեցոյցը եւ եռալեզու (հայերէնէ անգլերէն-ֆրանսերէն) բառարանը։ Գրականութեան դասագիրքը՝ Երկրորդականի վերի կարգերու աշխատանքի գործիք, չի կրնար ըլլալ Միջնակարգը կրկնող հասարակ ընթերցարան, ի հեճուկս երբեմն դրսեւորուող տեսակէտի մը։ Ան պէտք է տուեալ գրական շրջաններու ամբողջ պատկերը գո՛նէ թելադրէ, նաեւ ուսուցիչը մղէ ընտրելու,այսինքն իր դասընթացքը յօրինելու յետ նիւթի լուրջ քննարկման.. «Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն»,Երկրորդական Բաժին, Բ.եւ Գ. տարիներԷջ՝ 318 Չափ ։ 260…