Կեանքին հրաժեշտ տուաւ բազմավաստակ կրթական մշակ, խմբագիր եւ սփիւռքահայ մտաւորական Յարութիւն Քիւրքճեան

Դեռ ամիս մը առաջ, կրթական մշակ, գրագէտ, դասագիրքերու հեղինակ, յօդուածագիր, դասախօս, հասարակական գործիչ Յարութիւն Քիւրքճեան Լիզպոնի մէջ, գործօն մասնակցութիւն բերած էր «Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան կազմակերպած «Հաւասարում նորոգ/սերունդներու զրոյց մը» գիտաժողովին: Նոյնինքն այս հաւաքը կազմակերպուած էր ներշնչուած Սփիւռքագէտ Քիւրքճեանի 1968-ի գրափորձէն: Հազիւ ամիս մը ետք, Օգոստոս 9, 2024-ին, ընկեր Յարութիւն Քիւրքճեան զոհ գնաց պսակաձեւ ժահրին (Քովիտ)։ Ծնած 1943-ին՝ Պէյրութ, ան նախնական եւ երկրորդական կրթութիւնը ստացած է «Նշան Փալանճեան» Ճեմարան, 1956-1963։ Ուսումը շարունակած Պէյրութի Ֆրանսական համալսարանին Փիլիսոփայութեան դպրոցին մէջ եւ ապա Փարիզ անցնելով, աւարտած Սորպոնի համալսարանը, տիրանալով Փիլիսոփայութեան Մագիստրոսութեան տիտղոսին՝ 1978 թուականին։ Մասնագիտացած մանկավարժ եւ ուսուցիչ, ան ուսումի տարիներուն ընթացքին եւ ետք՝ շուրջ քսան տարի՝ 1964-էն 1984, Պէյրութի հայկական կրթական հաստատութիւններու մէջ՝ «Նշան Փալանճեան Ճեմարան, «Հայկազեան» Համալսարան եւ «Համազգային»-ի Հայագիտական Հիմնարկ, դասաւանդած է հայերէն՝ իբր մայրենի կամ երկրորդ լեզու, ֆրանսերէն, հայ գրականութիւն եւ փիլիսոփայութիւն։ Երիտասարդ տարիքէն Հ.Յ.Դ.-ի շարքերուն միացած, ընկեր Քիւրքճեան ամէնայն բծախնդրութեամբ Հ.Յ.Դ.-ի պատմութեան եւ գաղափարաբանութեան խմբագրումը կատարած է: 1982-ին հաստատուած է Աթէնք, ուր տիկնոջ՝ Մարօ Քալայճեանի հետ հրատարակած է մայրենի լեզուի եւ գրականութեան դասագիրքերու «Հայրենի աղբիւր» եւ «Հայ կեանք եւ գրականութիւն» շարքերը։ Հեղինակ է բազմաթիւ ուսումնասիրական յօդուածներու, ինչպէս նաեւ յատկանշական հատորի մը՝ «Փորձ Տարագրութեան մասին» (1978) խորագրով։ Յարութիւն Քիւրքճեան ունի հարուստ մանկավարժական, գրական եւ քաղաքապատմական գործեր։ Բացի իր հեղինակած աշխատանքներէն, ներդրում…

Հայրենի Աղբիւր

Միջնակարգի «Հայրենի Աղբիւր» դասագիրքերու շարքը ուսուցիչին կը տրամադրէ գործածութեան մէկէ աւելի մակարդակներ եւ տարազներ, ըստ տեղի կրթա-մշակութային կարիքներուն ու կարելիութիւններուն Կարդա Աւելին….

Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն

«Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն» շարքը կը ձգտի հայ գրականութեան դասաւանդումը դարձնել աւելի համապատասխան մշակութային ներկայ իրադրութեան եւ կրթական նոր համակարգերուն։ Իւրաքանչիւր դասագիրք կ’ընդգրկէ հայ նոր գրականութեան ամբողջ ընթացքը, սկիզբէն՝ մինչեւ մեր օրերը։  Կարդա Աւելին……

Ափիւռք եւ Ինքնացում

Սփիւռքը կը սկսի գրութեամբ մը որ կը կոչուի «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով»։ Կը գտնուի այս հատորին կեդրոնին, եւ իր շուրջ՝ տարիներու երկայնքին գրուած ճոխ ընտրանի մը վերլուծական էջերու եւ ուսումնասիրութիւններու երկու «Նոր ծնունդ» ներէ սերող, եւ որ կ՛ընդգրկէ այսօր հարիւր տարուան վրայ երկարած սփիւռքահայ գրականութիւնը. Առաջին «Նոր ծնունդ»ը` կը ներառնէ յետ-եղեռնեան ֆրանսահայ գրագէտներ, երկրորդը՝ Միջին Արեւելքէն ծլած գրագէտներ, այսօր ցրուած՝ աշխարհով մէկ: Այդ բոլորը միացնողը գրական Սփիւռքն է, Սփիւռքը որպէս գրականութիւն: Որովհետեւ անիկա է նաեւ, ու մա նաւանդ, գրական արտադրութիւն մը։ Սփիւռքը կը ծնի գրութեամբ մը, բայց մանաւանդ կը կազմաւորուի իր իսկ արտադրած գրականութեամբ։