Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն Ա. Տարի

19/02/2019

«Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն» շարքը կը ձգտի հայ գրականութեան դասաւանդումը դարձնել աւելի համապատասխան մշակութային ներկայ իրադրութեան եւ կրթական նոր համակարգերուն։

Իւրաքանչիւր դասագիրք կ’ընդգրկէ հայ նոր գրականութեան ամբողջ ընթացքը, սկիզբէն՝ մինչեւ մեր օրերը։ Ա. գիրքը (10րդ կարգ) աւելի արագ կ’անցնի առաջին սերունդներուն վրայէն եւ առհասարակ կ’ընտրէ մատչելի դէմքեր ու գործեր։

Գրական հատուածներու վերլուծումը հոս կը դառնայ դասաւանդումի հիմնական միջոց, ճաշակի ու գեղագիտական դատումի փորձադաշտ։ Գրապատմական շրջանակը կը թեթեւնայ, մանրամասնութիւնները կը զեղչուին, էականը կը պահուի. հայ գրականութիւնը, հայ կեանքի հարազատ հայելի, այդ շրջանակին մէջ լաւագոյնս կ’օգնէ մեզի՝ ըմբռնելու, ճանչնալու մեր կեանքը։

Հատուածները կը բաշխուին նաեւ ըստ գրական սեռերու եւ ըստ նիւթերու (բնաբաններու)։ Ատիկա կը դիւրացնէ ներքին յղումները, ինչպէս կարելի դարձուցած է զեղչել հատուածներու ծաւալը (բոլորն ալ՝ մէկ էջի շուրջ)։ Քանի մը ներկայացուցչական գործեր միայն ընտրուած են աւելի լրիւ քննարկուելու համար։

Գլուխ բացող էջերը, հատուած ներածող պարբերութիւնները, շրջանակեալ «Փաստաթուղթ»երը, «Վկայութիւն»ները եւն. կը պարփակեն գրապատմական նիւթերը։

«Գրական Մեթոտ»ի գլուխները կը բերեն Գրականութեան տեսութեան նախատարրեր։

«Կամուրջներ… Կապեր» մասը ակնարկ մը կը նետէ հայ գրականութեան կապերուն՝ օտար գրականութիւններու հետ, հայ գեղարուեստի այլ ճիւղերու հետ…

Դասագիրքերը ունին խաչաձեւ յղումներու համակարգ, ժամանակագրական տախտակներ, եւ եզրաբանական բառարան։ Անջատաբար տրամադրելի են անոնց մանրամասն Ուղեցոյցները նաեւ անոնց եռալեզու բառարանները (հայերէն-անգլերէն-ֆրանսերէն)։ Այս վերջին գործիքը, միացած վերոնշեալ մի քանի էական յատկութիւններու, «Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն» շարքը կը դարձնէ լրիւ մատչելի, կը հաւատանք, նաեւ արեւմտեան Սփիւռքի մեր երկրորդական վարժարաններուն։

«Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն»,                                 Download
Երկրորդական Բաժին, Ա. տարի                                 Բառարան / Glossary / Glossaire
Էջեր՝ 326: Չափ՝ 260 x 210 Յ. Քիւրքճեան

No Comments

Comments are closed.