Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն Բ. եւ Գ. Տարիներ

19/02/2019

«Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն» երկրորդ հատորը կը բովանդակէ շարքի բ. եւ գ.գիրքերը, յաջորդաբար Երկրորդականի 11րդ եւ 12րդ կարգերուն համար։ Ան կը պահէ շարքի հիմնական առաջադրանքները՝ պատշաճեցում մշակութային կրթական նոր պայմաններու եւ համակարգերու. հայ գրականութեան ընկալում՝ իբր հայ կեանքի հարազատ հայելի։

Բ. Գիրքը կը հետեւի հայ նոր գրականութեան ընթացքին՝ սկիզբէն մինչեւ կենդանի այսօրը, նախորդէն աւելի լայն ընդգրկումով, բայց խուսափելով ծանրացումէ։ Հատուածները, միշտ համառօտ եւ կուռ, ա՛լ ընտրուած-դասաւորուած են ըստ գրական յատկանիշներու. անոնք կը մնան դասաւանդումի եւ գեղագիտական ճաշակի մշակման հիմնական գործիքներ։

Գ. Գիրքը (հատորի վերջին մասը), կազմուած 12րդ կարգի յատուկ պայմաններու նկատառումով, կ՛ընդգրկէ անջատ գործեր, որոնք կը քննարկուին աւելի բազմակողմանիօրէն։

Պահուած են գլուխներու սկիզբի գրապատմական ամփոփ ընդհանրութիւնները. «Գրական Մեթոտ»ի գլուխները՝ մնացեալէն անջատ ու անկախ. «Կամուրջներ… Կապեր…» էջերը. խաչաձեւ յղումներու համակարգը. ապա՝ Յաւելուածը, նոյն բովանդակութեամբ։

Ձեւաւորումի նոր տարր մըն է «Քարտարան» բաժինը, որ կը բերէ նմուշ-հատուածներ գրադատական-փորձագրական երկերէ։

Տրամադրելի կը մնան անջատ մանրամասն Ուղեցոյցը եւ եռալեզու (հայերէնէ անգլերէն-ֆրանսերէն) բառարանը։

Գրականութեան դասագիրքը՝ Երկրորդականի վերի կարգերու աշխատանքի գործիք, չի կրնար ըլլալ Միջնակարգը կրկնող հասարակ ընթերցարան, ի հեճուկս երբեմն դրսեւորուող տեսակէտի մը։ Ան պէտք է տուեալ գրական շրջաններու ամբողջ պատկերը գո՛նէ թելադրէ, նաեւ ուսուցիչը մղէ ընտրելու,այսինքն իր դասընթացքը յօրինելու յետ նիւթի լուրջ քննարկման..

«Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն»,
Երկրորդական Բաժին, Բ.եւ Գ. տարիներ
Էջ՝ 318 Չափ ։ 260 x 210 Յ. Քիւրքճեան

No Comments

Comments are closed.