Քննական Ընթերցում Յակոբ Օշականի

19/01/2024

Յակոբ Օշականի գործերէն՝ յատկապէս վէպերը, իրենց հրատարակումներուն մէջ, ենթակայ են եղած մասնայատուկ աննպաստ  պայմաններու: Սկզբնապէս լոյս տեսած՝ պարբերական մամուլի մէջ, անոնք զուրկ են մնացած լուրջ սրբագրութենէ, ստուգումներէ: Հետեւող՝ հատորով հրատարակութիւնները, հակառակ գործադրուած որոշ ճիգի, չեն յաջողած զգալիօրէն բարելաւել սկզբնական այդ պատկերը: Մանաւանդ որ գործերու մեծ մասի պարագային, չէր պահուած հեղինակային ինքնագիր-ձեռագիր:

Ձեռնարկուած ներկայ քննական-խորքային ընթերցումով, կարելի է եղած մեծ մասամբ սրբագրել այդ վրիպակները, եւ ուրեմն կարեւոր չափով վերականգնել բնագիրը՝ իր սկզբնական հարազատութեամբ: Հոն՝ ուր Յ. Օ.ի ինքնագիր-ձեռագիրը տրամադրելի էր («Հաճի Ապտուլլահ» եւ մաս մը՝ «Մնացորդաց»էն),  վերականգնումը կարելի է նկատել ամբողջական:

Հոս ներկայացուած սրբագրութիւնները տուեալ գործերու առաւել կարեւոր վրիպակներն են: Աւելի ամբողջական սրբագրութիւն մը, ուղղակի գործերու բնագիրին ընկերացող էջատակի ծանօթագրութիւններու ձեւին տակ, արդէն տրամադրելի է Համացանցի վրայ`https://digilib.aua.am հովանաւորութիւն՝ Գ. Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւն):

Առաջին ակնարկով՝ այս աշխատանքին կարելիութիւնը, եւ հետեւաբար՝ կարեւորութիւնը, կրնան երեւիլ խնդրական: Բայց վրիպակներու աւելի ուշադիր քննութեամբ, ի տես անոնց մեծ քանակին, բնագիրին վրայ անոնց յաճախ այլանդակիչ դերին, եւ սրբագրութիւններու շօշափելի որակին ու քանակին, ընթերցողը վստահաբար պիտի յանգի տարբեր համոզումի: Զարմանք զգալով նաեւ՝ որ հրատարակիչներ ցարդ բաւարարուեր են ափսոսալով հեղինակային ձեռագիրի բացակայութիւնը՛ գործերու մեծ մասին համար: Կամ՝ նշելով ձեռագիրի դժուարընթեռնելիութիւնը (չափազանցուած՝ Բ. Թաշեանի մը կողմէ, կամ թերգնահատուած՝ երեւանեան «Հաճի Ապտուլլահ»ի հրատարակիչ Գր. Յակոբեանի մը –  այս վերջինը՝ առգոյ ձեռագիրի մասին, որմէ, այլ հարց, գրեթէ չէ յաջողած օգտուիլ…): Զարմանք նաեւ, ու մանաւանդ, որ մտածուած իսկ չըլլայ քննական ընթերցումի մը այնքան պարզ կարելիութեան մասին…

Յ. Օշականը ըստ արժանւոյն գնահատող  -եւ անոր գործին յաճախող-  գրասէրներ կրնան, իրենց կարգին, գտնել եւ մեզի  յղել հաւանական վրիպակներ՝ այս ցանկը ամբողջացնելու համար:

«Հոգու պարտք» մըն է ասիկա, որ ունինք, հաւաքաբար բոլորս, հանդէպ Մեծին Յակոբի…

Վէպերու կողքին, յարմար նկատուեցաւ սրբագրել-վերականգնել նաեւ գրա-քննադատական երկերէն մէկը՝ «Զուգակշիռ Արեւելահայ եւ Արեւմտահայ Գրականութեանց», որ նոյնպէս խճողուած էր վրիպակներով — այս անգամ՝ իբր հետեւանք իր սկզնական գործածումի հանգամանքին՝ դասախօսական նիւթի, աշակերտական նոթագրումներէ վերախմբագրուած: Աւելի ուշ, ասոնց վրայ աւելցաւ Յ. Օշականի առաջին վէպը՝ «Շահպազ»ը, իր սրբագրութիւններով:

Առաւել կարեւոր վրիպակ-սրբագրութիւններուն՝  ներկայ ցանկերուն մասին քանակական մօտաւոր պատկեր մը.- «Հաճի Մուրատ»ի համար՝ 70-ի շուրջ. «Ծակ-Պտուկը» եւ «Սիւլէյման էֆէնտի»՝ իւրաքանչիւրին՝ մօտ 200: «Հաճի Ապտուլլահ»՝ աւելի քան 500: «Զուգակշիռ»՝ աւելի քան 300. «Մնացորդաց»ի իւրաքանչիւր հատորը՝ աւելի քան 700: Իսկ «Շահպազ»ի մէջ՝ մօտ 150:

Ներկայ սրբագրութիւններու ցանկերը կրնան գործածուիլ Յ. Օշականի գործերը իրենց գրադարանին մէջ ունեցող գրասէրներու կողմէ՝ իրենց սեփական օրինակներ բարելաւելու, ինչպէս եւ կարելի հրատարակիչներու՝ քննականօրէն վերանայուած բնագիրներ լոյս ընծայելու:

Բայց մանաւանդ՝ բաղձալի է, որ այս նախաձեռնութիւնը մտաւոր հորիզոնի տէր երիտասարդութեան մը գրգիռ տայ Յ. Օշական կարդալու, թօթափելով անոր անունն ու գործը շրջապատող անընթեռնելիութեան տպաւորութիւնը…: Բարդութիւն՝ այո՛, յաճախ եւ խորութիւններու բնորոշ մթութիւն,- բայց բնա՛ւ անընթեռնելիութիւն: Նուաճելի աշխարհ մը՝ խոր, բազմախաւ, ու ճոխ՝ մինչեւ շռայլութիւն… 

Ստորեւ վրիպակներու ցանկերը՝ երկ առ երկ:

ԾԱԿ-ՊՏՈՒԿԸ
ՀԱՃԻ ՄՈՒՐԱՏ
ՀԱՃԻ ԱՊՏՈՒԼԼԱՀ
ՍԻՒԼԷՅՄԱՆ ԷՖԷՆՏԻ
ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ Ա.
ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ Բ.
ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ Գ.
ԶՈՒԳԱԿՇԻՌ ԱՐԵՒԵԼԱՀԱՅ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆՑ

ՇԱՀՊԱԶ

No Comments