Ափիւռք եւ Ինքնացում

10/01/2023

Սփիւռքը կը սկսի գրութեամբ մը որ կը կոչուի «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով»։

Կը գտնուի այս հատորին կեդրոնին, եւ իր շուրջ՝ տարիներու երկայնքին գրուած ճոխ ընտրանի մը վերլուծական էջերու եւ ուսումնասիրութիւններու երկու «Նոր ծնունդ» ներէ սերող, եւ որ կ՛ընդգրկէ այսօր հարիւր տարուան վրայ երկարած սփիւռքահայ գրականութիւնը.

Առաջին «Նոր ծնունդ»ը` կը ներառնէ յետ-եղեռնեան ֆրանսահայ գրագէտներ, երկրորդը՝ Միջին Արեւելքէն ծլած գրագէտներ, այսօր ցրուած՝ աշխարհով մէկ:

Այդ բոլորը միացնողը գրական Սփիւռքն է, Սփիւռքը որպէս գրականութիւն: Որովհետեւ անիկա է նաեւ, ու մա նաւանդ, գրական արտադրութիւն մը։

Սփիւռքը կը ծնի գրութեամբ մը, բայց մանաւանդ կը կազմաւորուի իր իսկ արտադրած գրականութեամբ։

No Comments

Comments are closed.