Հայրենի Աղբիւրի Գրադարանը

01/03/2019

«Հայրենի Աղբիւրի Գրադարան»ը
Հաւանօրէն արդէն ծանօթ էք «Հայրենի Աղբիւր» դասագիրքերուն եւ «Հայրենի Աղբիւրի Գրադարան»ին ազատ ընթերցանութեան գրքոյքներու շարքին։

«Հայրենի Աղբիւրի Գրադարանեը» կը տրամադրէ հայ գրականութենէն ծանօթ գործեր խտացուած վիճակով, նաեւ խաղ-հարցարաններով։

Խնամուած պատրաստութեամբ՝ անոնք կը պատասխանեն այնքա՝ն կենսական կարիքի մը. տղաքը դպրոցէն դուրս կարդալու մղել անոնց մէջ պատուաստել գիրքը եւ ընթերցումի մնայուն սէրը…

(Պահանջի վրայ կը տրամադրուին նաեւ գրքոյկներուն բառարանները։)

Գրադարանի շարքը կը շարունակուի ։

Անիկա այսօր, նախորդներու ծաւալով, կը ներկայացնէ հայ գրականութեան դասական արժէքներէն Աւետիս Ահարոնեանի «Իմ Գիրքը», գրագէտին մանկութեան եւ պատանութեան տարիներուն պատմութիւնը։

Վերապատմուած արեւմտահայերէնով եւ մեր օրերու համապատասխան ոճով՝ անիկա, վստահ ենք, պիտի կարդացուի սիրով, յափշտակութեամբ…

Նկարազարդում ու խաղ-հարցարան հայեցի զարգացման այս գործիքը կը դարձնեն միանգամայն հաճելի ժամանց…

Էջատակին եւ երկլեզու բառարանով բացատրուած բառերը, նուազ հայախօս շրջաններու համար, կը դիւրացնեն ընթերցումը։

Աւելի նոր՝ շարքին «Տասը Աշխարհ» հատորը կը բերէ մեզի պատմութիւններ՝ բազմաթիւ հայ գրագէտներու մանկութենէն:

Ինչպէս նախորդները, այս գործն ալ անկասկած պիտի կարդացուի մեծ հաճոյքով:

No Comments

Comments are closed.